ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ՍՊԱՆՆՈՂԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ ԻՆԸ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենար թրքական բանակին մէջ հայազգի զինուորական ծառայող Սեւակ Շահին Պալըքճըի սպանութեան գործով առաջին դատական նիստը:
Տիարպեքիրի զինուորական դատախազութիւնը կը պահանջէ, որ զինուորական ծառայող Քըւանչ Աղաօղլու, որ կը մեղադրուի Սեւակի սպանութեան յանցանքով` «Անզգուշ սպանութիւն» յօդուածով, դատապարտուի մինչեւ ինը տարուան բանտարկութեան: Իսկ հայ զինուորի ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթ, դատական նիստին պիտի պահանջէ Աղաօղլուն դատապարտել «Կանխամտածուած սպանութեան» յանցանքով:
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Պալըքճը սպաննուեցաւ ընթացիկ տարուան ապրիլ 24-ին, Պաթմանի Քոզլուք շրջանի զօրամասին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածին, ան մահացած է իր ծառայակիցի գնդացիրէն պատահաբար արձակուած գնդակով: Սակայն, աւելի ուշ, մամուլով հաղորդուած էին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Պալըքճը ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է իր հրամանատարին կողմէ: Զօրամասին մէջ նոյնիսկ սպառնացած են այրել զինք:
Հետաքննութեան ընթացքին նաեւ պարզուած է, որ հայ զինուորը սպաննած Քըւանչ Աղաօղլու տարուած է ազգայնական գաղափարներով, որոնց մասին կը վկայեն «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ անոր զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը, Սեւակի սպանութեան առնչութեամբ հայց ներկայացուցած է դատարան` ընդդէմ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան: