ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱՐԱՐ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանեան բանակի տօնին առիթով պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան երէկ վերահաստատեց լիբանանեան հայրենիքին ծառայելու իր յանձնառութիւնը:
«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու բաժինի խօսնակին հարցումներուն պատասխանելով` նախարար Մանճեան երէկ անդրադարձաւ լիբանանեան բանակին մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան, միաժամանակ մնալով ՀՅԴ-ի ջերմ համակիրներէն: Այս առիթով նախարար Մանճեան շնորհաւորեց լիբանանցիներն ու բանակային իր նախկին զինակիցները` բանակի տօնին առիթով մաղթելով խաղաղ ու կայուն Լիբանան մը:
CATEGORIES Լիբանանեան