«ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐԸ ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԿԱԼՄԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ՉԵՆ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
«Իւրաքանչիւր գործատէր պարտի ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցառումներուն` երաշխաւորելու համար իր հաստատութեան պաշտօնեաներուն եւ մերձակայ վայրերուն ապահովութիւնը», յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հարցումներուն պատասխանելով` նախարար Սապունճեան ըսաւ. «Կը ջանանք շրջաններուն մէջ ապահովել հրշէջ ինքնաշարժներ ու կազմածներ»:
CATEGORIES Լիբանանեան

