ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Լիբանանի մէջ իր պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով, Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայ շաբաթավերջին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Պաապտայի պալատ:
Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Հանրապետութեան» շքանշանով պարգեւատրեց Կայը` առ ի գնահատանք անոր բարերար դերակատարութեան` երկու պետութեանց միջեւ ընկերային ու մշակութային կապերու աշխուժացման մարզին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան