ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԼԾՈՒԱԾ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՄԱՆ

Սինիորա եւ նախագահ Սլէյման

Ազգային երկխօսութեան եզրերու բիւրեղացման եւ այս գծով Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի աշխատանքներուն վերակենդանացման իր նախանձախնդրութենէն մեկնելով` նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Ղովմի կուսակցութեան ներկայացուցիչին հետ:

Նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, ան նախանձախնդիր է շարունակելու իր հանդիպումները զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ` առանց մխրճուելու մանրամասնութեանց մէջ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ նախագահ Սլէյման տակաւին կը ջանայ այլազան կողմերու «բազկերակը շօշափել» երկխօսութեան վերակենդանացման ու անոր օրակարգի կէտերուն ճշդումին գծով: Նմանապէս, հանրապետութեան նախագահը խորհրդակցեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեամբ 2 մարտ 2006-ին կեանքի կոչուած Ազգային երկխօսութեան նիստերու գաղափարը ընդհատուած էր նոյեմբեր 2010-ի նիստէն ետք:

Նախագահ Սլէյման 2008-ին, Տոհայի համաձայնութեան բերումով իր ընտրութենէն ետք որդեգրած էր Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի գաղափարը: Այս ծիրին մէջ, անցնող 16 յուլիսէն ի վեր նախագահը լծուած է վերակենդանացնելու երկխօսութեան հանդիպումները` վճռելով կապի մէջ մտնել առնչակից բոլոր կողմերուն հետ` բիւրեղացնելու համար անոնց տեսակէտներն ու պայմանները:

Այս իմաստով, յառաջիկայ 11 օգոստոսին նախատեսուող իֆթարի սեղանը կը նկատուի յարմար առիթ մը` ազգային երկխօսութեան ճամբայ հարթող տեսակցութեանց ծիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES