50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)
ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԱՆՔԷՆ
Օր մը, երբ ֆրանսացի նշանաւոր փիլիսոփայ Ռընէ Տեքարթ կը ճաշէր ճաշարանին մէջ, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ.
– Փիլիսոփանե՞րն ալ համեղ ուտելիքներ կը սիրեն:
– Դուք կը կարծէք, թէ բնութիւնը համեղ բաները միայն յիմարներուն համա՞ր ստեղծած է:
Ողբերգութիւն մը տուած էին Վոլթերի, որպէսզի կարդայ եւ իր կարծիքը յայտնէ:
Վոլթեր կարդաց ձեռագիրը եւ ըսաւ.
– Այսպիսի ողբերգութիւն գրելը աւելի դիւրին է, քան անոր մասին կարծիք յայտնելը:
* * *
Ալեքսանտր Տիւմա կը ճամբորդէր Գերմանիոյ մէջ, բայց գերմաներէն չէր գիտեր: Օր մը ճաշարան մը մտաւ եւ ուզեց սունկ ապսպրել: Ինչպէ՞ս հասկցնէր սակայն: Թուղթ ու մատիտ առաւ եւ սունկի մը նկարը գծեց:
Սպասեակը գլխով հաստատական նշան մը ըրաւ, այսինքն ըսել ուզեց, թէ հասկցած էր եւ գնաց ու հովանոց մը բերաւ Տիւմայի:
* * *
Անգլիացի հռչակաւոր քաղաքագէտ Կլատըսթոնի անձնական բժիշկը, սըր Անտրիու Քլարք, օր մը զայն շատ յոգնած գտնելով` թելադրեց, որ ամէն անգամ երբ շատ գործ ունենայ, երեք մեծ բաժակ շամփանիա խմէ:
– Կը կարծե՞ս, թէ այս երեք բաժակ շամփանիայով աւելի լաւ պիտի ըլլամ,- հարցուց Կլատըսթըն:
– Անշո՛ւշտ: Երրորդ բաժակէն ետք, ութ ժամ որեւէ բանի կարեւորութիւն պիտի չտաս: Եւ ասիկա բաւական է,- պատասխանեց բժիշկը:
* * *
Ամերիկացի մեծանուն երգիծագիր Մարք Թուէյն օր մը ըսաւ.
– Մարդու մը կեանքին համար ամէնէն վտանգաւոր տեղը մահճակալն է: Մի՛ մոռնաք, որ մարդերէն շատեր հոն կը մեռնին:
* * *
Տաղտկալի հաւաքոյթի մը ընթացքին Պեռնար Շօ չափազանց ձանձրացած` նստած էր: Քիչ վերջ հակակրելի տիպ մը մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ.
– Հինգ ոսկի կու տայի, եթէ գիտնայի, թէ այս պահուս ի՞նչ կը մտածէք:
– Օ՜, հարկ չկայ ձեր ոսկիները ծախսելու,- պատասխանեց հռչակաւոր գրագէտը: – Ձեզ կը խորհէի…
* * *
Ֆրանսացի հռչակաւոր երգիծաբան Քրիսթիան Պեռնար օր մը հրաւիրուած էր դքսուհիի մը կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, ուր պիտի նուագէր տանտիրուհիին պաշտպանութիւնը վայելող ջութակահար մը: Երիտասարդ արուեստագէտին նուագէն ետք, դքսուհին խանդավառ մօտեցաւ Քրիսթիան Պեռնարին եւ ըսաւ.
– Ինչպէ՞ս կը գտնէք:
– Փատերեւսկին կը յիշեցնէ ինծի:
– Բայց, եթէ չեմ սխալիր, Փատերեւսկին ջութակահար չէ,- ըսաւ դքսուհին:
– Միթէ ասիկա՞ է գոչեց մեծանուն երգիծաբանը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՎԵՀ ՎԱԶԳԷՆ Ա.Ի ՎԻԵՆՆԱ ԱՅՑԸ
ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ
ԵՒ ԿԱՐՏԻՆԱԼԻՆ ՀԵՏ
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին Վիեննայի թղթակիցը` Վահան Իսպեչերեան թղթակցութիւն մը ղրկած է իր թերթին` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի Վիեննա այցելութեան մասին:
Վազգէն կաթողիկոս այցելած է Աւստրիոյ վարչապետ տոքթ. Կորպախի, որ շատ լաւ ընդունելութիւն մը ըրած է: Վեհափառը վարչապետին նուիրած է Ս. Էջմիածնի պատկերով արծաթեայ ափսէ մը: Վարչապետն ու վեհափառը միասին նկարուած են: Վարչապետը ըսած է, թէ` «այս ալ իմ յիշատակ նուէրս ըլլայ»:
Կաթողիկոսը ապա այցելած է Շէօնպրունի ամառնային հռչակաւոր պալատը, որ Վերսայի չափ անուանի է: Նափոլէոն ապրած է այս պալատին մէջ. տակաւին հոն կը մնայ անոր մահճակալը: Այս պալատի մեծ հիւրասրահին մէջ աւստրիական կառավարութիւնը Քենետիի եւ Խրուշչեւի ի պատիւ հացկերոյթ մը սարքած էր:
Նոյն օրը, գիշերը, վեհափառը ընթրած է եկեղեցական վարչութեան նախագահ Ս. Կարապետեանի բնակարանը:
Հետեւեալ օր, կէսօրէ առաջ, Վազգէն Ա. այցելած է Պելվետերի պալատը:
Կէսօրուան մօտ այցելած է Մխիթարեան վանքը: Նորընծայ վարդապետ մը կարդացած է գրաբար ձօն մը: Վեհափառը պատած է մատենադարանը, թանգարանը եւ ապարանը:
Կէսօրէն ետք աբբահայր գերապայծառ Հապոզեանի հետ այցելած է կարտինալ տոքթ. Քէօնիկին, որ շատ ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուած է: Վեհափառը անոր եւս Էջմիածնի պատկերով արծաթեայ ափսէ մը նուիրած է:
Մեկնումի պահուն կարտինալը վեհին ընկերակցած է մինչեւ դուռը:
Անկէ ետք, քանի մը հետեւորդներով, Դանուբի եզերքին պտոյտ մը ընելով` վերադարձած է պանդոկ: Գիշերը վարչութեան կողմէ ընթրիք մը տրուած է Ասւոպերկի Փալէին մէջ:
Յուլիս 23-ի կիրակին, Վազգէն կաթողիկոս նախագահած է Վիեննայի հայկական մատուռի արարողութիւններուն եւ` քարոզած: Պատարագած է Կոմիտաս եպիսկոպոս:
Վեհափառը Վիեննայէն մեկնած է երեքշաբթի, յուլիս 25-ին, Մոսկուայի ճամբով Էջմիածին վերադառնալու համար:

