ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՓԱՄՓՈՒՇՏԷՆ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ԶՈՀՈՒԻ

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992-ին ծնած Արթուր Սամուէլ Աղապապեան 10 մարտի ժամը 18:20-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) զոհ գնաց Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ` Կուրոպատկինօ գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ ազրպէյճանական կողմէ արձակուած փամփուշտէն:

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, որ միջադէպը տեղի ունեցած է շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան պահպանման` ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան կազմակերպած դիտարկումէն ընդամէնը քանի մը ժամ անց:

Share this Article
CATEGORIES