ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Աշխատանքային ճաշկերոյթէն պահ մը

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ:

Նախարար Նալբանդեան եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան գործող ձեւաչափերու ծիրին մէջ կատարուած աշխատանքներուն մասին, ուրուագծեցին ձեռնարկուելիք քայլերը, անդրադարձան Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ կատարուած բանակցութիւններուն, այցեգրային դրութեան դիւրացման եւ ազատ ու համապարփակ առեւտուրի գօտիի ստեղծման հոլովոյթներուն:

Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES