ԺԵՐԱՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ ՍԿԻԶԲԷՆ

Լիվըրփուլի խմբապետ Սթիւըն Ժերար պիտի բացակայի Անգլիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր լիկի 2011-2012 տարեշրջանին սկիզբէն, յայտնեցին անոր ակումբին պատասխանատուները:

Նախորդ շաբաթավերջին ան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` նկատի ունենալով, որ անոր վիրաւոր ոտքը սկսած էր հարցեր ստեղծել եւ պատճառ դառնալ, որ ան ցաւ զգայ:

Նշենք, որ անգլիացի միջնապահը իր ակումբին հետ ասիական երկիրներ շրջապտոյտի մեկնած չէր` լաւապէս ապաքինելու նպատակով: Կը կարծուի, որ շատ հաւանաբար ան սեպտեմբերի սկիզբը կարենայ դաշտ վերադառնալ:

Անգլիոյ նոր տարեշրջանը պիտի սկսի 13 օգոստոսին: Սանտըրլենտ պիտի ըլլայ Լիվըրփուլի հիւրը:

 

Share this Article
CATEGORIES