ՎԱԼԵՆՍԻԱ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ ՀԵՏ
Փրեմիեր լիկի ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող էքուատորցի յառաջապահ Անթոնիօ Վալենսիա նոր` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իրենց հետ:
Այսպիսով, 25 տարեկան յառաջապահը մինչեւ 2015 պիտի մնայ Օլտ Թրեֆորտ:
2009-ին Ուիկընէն Մանչեսթըր Եունայթըտի միացած Վալենսիա 69 մրցումի ընթացքին տասը կոլ նշանակեց Եունայթըտի հետ:
CATEGORIES Մարզական