ԱՖԵԼԱՅ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԻՆԳ ՇԱԲԱԹՈՎ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ

Իպրահիմ Աֆելայ

Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի միջնապահ Իպրահիմ Աֆելայ աւելի քան հինգ շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Հոլանտայի միջազգային մարզիկը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: Անգլիական կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած այդ մրցումին:

Թէեւ Աֆելայ պիտի շարունակէ իր կազմին հետ մնալ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելով հոն տեղի ունեցած շրջապտոյտին, սակայն պիտի բացակայի Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ գերբաժակի մրցումէն (14-17 օգոստոս), ինչպէս նաեւ նոր տարեշրջանին (20-21 օգոստոսին սկսելիք) գծով տեղի ունենալիք քանի մը մրցումէ:

Share this Article
CATEGORIES