ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ՇԱԼՔԷ 11-1 ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՄԸ ՍԿՍԱՒ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները:

Տիտղոսակիր Շալքէ 11-1 արդիւնքով յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը` պարտութեան մատնելով ոչ արհեստավարժ կազմերէն Թենինկընը:

Նախքան այլ մրցումներու անդրադառնալը, նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս նոր տարեշրջանը որոշեց այնպէս մը դասաւորել, որ համեմատաբար աւելի վար դասակարգին մաս կազմող խումբերը իրենք ըլլան հիւրընկալ կազմերը, որպէսզի կարելի ըլլայ քիչ մը աւելի հետաքրքրութիւն ստեղծել այդ խումբերուն համար, որպէսզի անոնց համակիրները ներկայ ըլլան այդ մրցումներուն:

Մինչ Շալքէ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, միւս կողմէ Պայէր Լեւերքուզըն եւ Վերտըր Պրեմըն անակնկալ պարտութիւններ կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն:

Լեւերքուզըն փենալթիներով (4-3) պարտուեցաւ Գ. դասակարգին մաս կազմող Տինամօ Տրեստընէն: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 3-3 արդիւնքով:

Գ. դասակարգին մաս կազմող այլ կազմ մը` Հայտընհայմ 1846, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Վերտըր Պրեմընի:

Յիշատակելի այլ անակնկալներ չարձանագրուեցան եւ Պունտըսլիկայի  մնացեալ բոլոր խումբերն ալ ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES