ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԵՈՒՐԱ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՓԵՆԱԼԹԻ ՄԸ ՉԿՐՑԱՒ ԿՈԼԻ ՎԵՐԱԾԵԼ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ռուսիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր լիկայի 18-րդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի խումբը` Քրասնոտար, հիւրընկալեց Մոսկուայի Բանակայինները:
Հիւր կազմը, որ կը կիրարկէր յարձակողական խաղաոճ մը, 7-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ ճափոնցի միջնապահ Քէյսուքէ Հոնտայի նշանակած կոլին:
32-րդ վայրկեանին, իրաւարարը ի նպաստ Քրասնոտարի սուլեց փենալթի մը: Սակայն Մովսիսեանի հարուածած փենալթին զսպուեցաւ մրցակից կազմին սիւնին կողմէ:
Սակայն 60-րդ վայրկեանին հիւր կազմի բերդապահ Իկոր Աքինֆէեւ իր բերդին մէջ ստացաւ կոլ մը: Անտրէ Միխէեւ յաջողեցաւ նշանակել Քրասնոտարի հաւասարութեան կոլը, այլապէս այդ հաւասարութիւնը չարձանագրելու պարագային Մոսկուայի Բանակայինները երեք արժէքաւոր կէտով պիտի հեռանային Քրասնոտարի դաշտէն:
19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 7 օգոստոսին, Քրասնոտար հիւրը պիտի ըլլայ Փերմի Ամքարի: