ԺԻՒՏՕ. – ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ` ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ. – ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ, Փրակայի մէջ (Չեխիա) աւարտեցաւ Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդներու բաժակի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:
Պէտք է նշել, որ հայրենի հաւաքականը բաւական յաջող դուրս եկաւ այս մրցաշարքէն:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան յայտնեց, որ հայրենի կազմը Չեխիայէն Հայաստան վերադարձաւ մէկ ոսկի եւ երկու պրոնզ մետալով: Ոսկի մետալին տիրացաւ Անդրանիկ Չափարեան (73 քկ), իսկ պրոնզ մետալներուն` Գարիկ եւ Գոռ Յարութիւնեաններ, յաջորդաբար 55 եւ 60 քկ դասակարգերուն մէջ:
Այժմ, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Պապայեանի գլխաւորութեամբ, 6-7 օգոստոսին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) հայրենի հաւաքականը պիտի մասնակցի Եւրոպայի բաժակի ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական