ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 30 յուլիս 2011-ին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Յունաստանի Խալքիտիքիի ճամբարին Լիբանանէն մասնակցած պատանիները վերադարձան տուն: Սոյն ճամբարին մասնակցող պատանիները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու, որոնց հետ անցուցին հաճելի օրեր:
Յայտնենք, որ պատանիները առիթը ունեցան նաեւ ծանօթանալու ՀՕՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ նպատակին:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային