«ԼԻԲԱՆԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ԻՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆԸ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ
«Մարտ 14-ի ուժերը ձախողեցան իշխանութեան մէջ իրենց քաղաքական գործունէութեամբ, մինչ մենք յաջողեցանք: Անոնց կը թելադրեմ սերտել իրենց ձախողութեան եւ մեր յաջողութեան պատճառներն ու գործօնները», երէկ յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ դատապարտելով Դիմադրութեան հակադրուող կողմերուն կեցուածքները:
«Լիբանան չի կրնար հրաժարիլ իր արժանապատուութեան խթան հանդիսացող Դիմադրութենէն», ընդգծեց Քասեմ` դրուատելով եւ նշելով Դիմադրութեան իրագործած նուաճումները լիբանանեան հայրենիքին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան