ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

Նախարար Պասիլ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց ելեկտրականութեան մարզին յատկացուած աշխատանքային նիստի մը` մասնակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի: «Մեր ծրագիրները պատրաստ են եւ կը կարօտին անհրաժեշտ գումարներուն` գործադրուելու համար», յայտարարեց նախարար Պասիլ` շեշտելով, որ այս գծով պէտք է օգտագործել ամէն պատեհ առիթ:

Share this Article
CATEGORIES