ԲԱՑԱՅԱՅՏՕՐԷՆ ԽԱԽՏԵԼՈՎ ՄԱԿ-Ի ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԸ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ՈՒԱԶԶԱՆԻԻ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Իսրայէլեան բանակի 15 զինուորներ երէկ 70 մեթր ներխուժեցին հարաւային Լիբանանի սահմաններէն ներս` Ուազզանիի մօտ, բացայայտօրէն խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութիւնները:
Կանուխ առաւօտեան արձանագրուած իսրայէլեան այս խախտումը զօրաշարժի մատնեց լիբանանեան պատկան կողմերը` դատապարտումի լայն ալիք մը յառաջացնելով երկրի քաղաքական, պետական թէ ժողովրդային շրջանակներուն մօտ:
Լիբանանեան բանակի ցուցաբերած խիզախ կեցուածքին կողքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման առաջինն էր, որ դատապարտեց իսրայէլեան այս արարքը` վերահաստատելով Լիբանանի վճռակամութիւնը իր սահմաններուն պաշտպանութեան գծով:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, խստիւ դատապարտեց արարքը` ընդգծելով, որ Լիբանանեան բանակը զօրակցաբար իր ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան, կազմ ու պատրաստ է դէմ դնելու իսրայէլեան նման արարքներու:
«2006-էն ի վեր շարունակուող իսրայէլեան խախտումի այս արարքները կը բացայայտեն, թէ Իսրայէլ ամէն օր կը դրսեւորէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը Լիբանանի նկատմամբ», իր կարգին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր` իր ամբողջական համոզումն ու հաւատքը յայտնելով Լիբանանեան բանակի դիմադրական կարողութեան գծով:
«Անհրաժեշտ միջոցառումներուն պիտի ձեռնարկենք, պատկան կողմերուն մօտ եւ ՄԱԿ-ի մօտ մեր պատուիրակութեան ճամբով խախտումի այս արարքը պիտի փոխանցենք ՄԱԿ-ի պատասխանատու պատկան կողմերուն», եզրափակեց Մանսուր:
Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն իր կարգին դատապարտեց Ուազզանիի դէպքը` դիտել տալով, որ «իր օրուան առիթով Լիբանանեան բանակի ցուցաբերած հակազդեցութիւնը բաւարար է չափ ու սահման դնելու նման խախտումներու»:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնած սպանական ջոկատի հրամանատարը` ընկերակցութեամբ կարգ մը սպաներու, այցելեց դէպքին վայրը` մօտէն հետեւելու դէպքի զարգացումներուն: Նմանապէս, ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւի հրամանատարութիւնը որոշած է այս գծով յատուկ տեղեկագիր մը պատրաստել ու փոխանցել Նաքուրայի կեդրոնատեղիի հրամանատարութեան:
Նշենք, որ դէպքէն անմիջապէս ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի 15 զրահապատներ տարածուեցան դէպքին վայրը` Ապպասիէէն մինչեւ Ուազզանի, միաժամանակ կապի մէջ մտնելով լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ` ինքնազսպումի կոչեր ուղղելով:
Յայտնենք նաեւ, որ Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց Ուազզանիի դէպքը` դիտել տալով, որ հարաւային Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած որեւէ յարձակում, թշնամական արարք կը նկատուի ամբողջ Լիբանանի եւ ոչ թէ միայն հարաւային լիբանանի դէմ: