ԲԱՆԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 66-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ
Գլխաւոր երեք դէպքեր առանցքը կազմեցին շաբաթասկիզբին յայտարարութեանց եւ հաղորդակցութեանց, լիբանանեան զանազան շրջանակներու մօտ:
ՄԱԿ-ի թիւ 1701 յօդուածի իսրայէլեան խախտումի քայլը, որ կու գար զուգադիպելու Ռամատան ամսուան սկիզբին եւ Լիբանանեան բանակի 66-րդ տարեդարձի նշումին, ակներեւ եռուզեռ ու աշխուժութեան մթնոլորտ ստեղծեց կողմերու եւ պատասխանատուներու հաղորդակցութեանց մթնոլորտին մէջ:
Արդարեւ, Ֆիյատիէի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ Բանակի օրուան հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերը բոլորն ալ եկան վերահաստատելու բանակին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերահաստատեց լիբանանեան պատկան կողմերու վճռակամութիւնը` «պահպանելու մեր երկրին սահմանները եւ պաշտպանելու մեր իրաւունքները»: Նախագահ Սլէյման այս առիթով խոստացաւ շարունակել սկսուած ճիգերը` պետական եւ վարչական նշանակումներու իրագործման համար, ամենայն ողջմտութեամբ եւ թափանցիկ տրամադրութեամբ: Ան նաեւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` երկխօսութեան վերսկսման եւ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման գծով: «Այս ծիրին մէջ, ապրուստի մտահոգութիւնները առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն մեր գործունէութեան մէջ», ընդգծեց նախագահ Սլէյման` բանակի օրուան առիթով տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին: