50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
10,000 ՀԱՅԵՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ
ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան, որ երկու շաբաթէ ի վեր Պոլիս կը գտնուէր, մեկնած է իր պաշտօնատեղին: Տէր հայրը մասնակցած է Գարեգին պատրիարքի յուղարկաւորութեան:
Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայութեան թիւին եւ կացութեան մասին Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան պատրաստած է մանրամասն տեղեկագիր մը եւ ներկայացուցած` Վազգէն կաթողիկոսին: Յիշեալ տեղեկագրէն կը քաղենք հետեւեալ ուշագրաւ տեղեկութիւնները.-
Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ներկայիս կ՛ապրին աւելի քան 80,000 հայեր: Իսկ Անատոլուի գաւառներուն ու գիւղերուն մէջ կ՛ապրին աւելի քան 10,000 հայեր: Փոքրամասնութեանց կրթարաններ չկան. պետական վարժարաններ կը յաճախեն հայ տղաք: Բոլորն ալ թրքախօս են եւ հայերէն չեն գիտեր:
Գաւառներէն բաւական թիւով ուսանողներ կը յաճախեն Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքը: Մօտ 120 աշակերտներ ղրկուած են գաւառներէն. անոնք տոհմիկ եւ բարձր ուսում կը ստանան հոն: Ժամանակին գաւառի անուս տղաքը կը քարկոծէին կրօնականները. այժմ անոնք վարժուած են եւ այլեւս խորթ չի թուիր իրենց կրօնական տարազը:
Երեք եկեղեցիներ կան գաւառի մէջ` Կեսարիոյ, Տիգրանակերտի եւ Հաթայի մէջ, ուր պաշտամունք կը կատարուի եւ հաւատացեալները սփոփանք եւ մխիթարութիւն կը ստանան:
Գաւառի հայը հազիւ իր ապրուստը կը ճարէ եւ չի մուրար: Կ՛աշխատի ապահովելու համար իր կարիքները: Ան մի միայն ուսում կը մուրայ:
ԱՐՏԱՇԷՍ ԳՄԲԷԹԵԱՆ
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՄԷՋ
Ֆրանքօ-Լոնտոն ֆրանսական շարժանկարի ընկերութիւնը, բեմագիր Անտրէ Վերսինիի ղեկավարութեամբ, սկսած է դարձնել նոր ժապաւէն մը` «Հորաս 61», որուն գլխաւոր դերակատարն է հայազգի ծանօթ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր: Իրեն խաղընկեր ունի իտալացի յայտնի դերասանուհի Ճիովաննա Ռալլի, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի դերասաններ` Ռեմոն Փելլըկրէն եւ Թրենթինին: Այս ժապաւէնին մէջ կարեւոր դերով մը իր մասնակցութիւնը կը բերէ նոյնպէս ֆրանսահայ դերասան Արտաշէս Գմբէթեան:
ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՛ԱՊՐԻ ԾԱՆՕԹ ՔՆՆԱԴԱՏ
Յ. ՔԻՒՐՏԵԱՆ
Մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան Միացեալ Նահանգներու Քանզաս նահանգէն կը գրէ.-
Քիչ հայեր հաստատուած են Քանզաս նահանգին մէջ, բայց կայ մէկը, որ ոչ միայն հայ է, իր զաւակները եւս հայ մեծցուցած է եւ առանց յոգնելու` կ՛աշխատակցի հայ մամուլին, պատմական հարցեր ուսումնասիրելով, այս անձը Յ. Քիւրտեանն է, որ հաստատուած է Ուչիթա քաղաքը: Իրեն համար հաստատած է յաջող գործ մը, կը զբաղի հնութիւններու գործով: Իր զաւակը ունի ճամբորդական գործակալութիւն մը:
Հազիւ քանի մը ժամ ունիմ. կը պնդէ, որ անպայման իր տունը այցելեմ, որպէսզի ցոյց տայ իր հսկայ ձեռագիրներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ` իր հայկական դրամներու հաւաքածոն:
Ուչիթա քաղաքի լաւագոյն պողոտայի վրայ կը գտնուի իր հաստատութիւնը, ուր իր գործին համար միասին մխրճուած է ուսումնասիրութիւններ պատրաստելու գործին մէջ:
Կը ծրագրէ անգամ մը եւս Հայաստան այցելել: Սեղանին վրայ լեցուած են հայերէն գիրքեր ու թերթեր: Ուչիթան կարելի է Ամերիկայի կեդրոնը նկատել, ու հոս միակ հայը կը մնայ Յ. Քիւրտեան` իր գիրքերուն եւ ձեռագիրներուն մէջ: