ԻՐԱԿԱ՞Ն ՅԱՆՑԱՊԱՐՏԸ
Սիրելի ընկեր եւ պաշտօնակից Հրանդ Տինքի «առանձին» զինեալ Օկիւն Սամասթի արձակած փամփուշտներէն գետին իյնալէն անմիջապէս ետք, բոլոր անոնք, որոնք արդարութեան զգացումը ունին, պահանջեցին, որ Թուրքիոյ պետութիւնը պէտք չէ բաւարարուի ձերբակալելով
«կրակողը», այլ պէտք է աւելի խորանայ եւ արդարութեան յանձնէ այն ձեռքը, որ մղեց «բլթակը քաշողը»:
Պոլսոյ մէկ ատեանը Սամասթը 22 տարուան ազատազրկման «դատապարտեց»: Ան «անչափահաս» էր նողկալի բռնարարքին ատեն եւ արժանացաւ, վայելեց բոլոր կրճատումներն ու փափուկ պայմանները` տրամադրուած անչափահաս յանցագործներու համար նախատեսուող օրէնքներով: 2021 թուականին ան ազատ պիտի ըլլայ: Ան պէտք է աւելի ծանր պատիժ կրէ, թէ ոչ, ապարդիւն քննարկում է: Անկախ ատկէ, խաղը աւարտած է:
Այո՛, ասիկա խաղ մըն է:
Ծաղրանք մը:
Անոնք, որոնք Սամասթը զինուորագրեցին, գործի լծեցին, երկար տարիներ ետք տակաւին ազատութեան մէջ են: Անոնք, որոմք Սամասթին հրահանգեցին սպաննել Տինքը, անոնք, որոնք գործադրեցին հրահանգները, անոնք, որոնք զէնքերն ու փամփուշտները հայթայթեցին եւ Սամասթը մարզեցին, բոլորն ալ թռչուններու նման ազատ են:
Ոստիկաններ, ապահովական ուժերու անդամներ, որոնք երբ Սամասթը ձերբակալեցին իր ծննդավայրին մէջ, թրքական դրօշին առջեւ նկարուեցան այդ «խառնածին յանցագործին» հետ (կարծես թէ ան աստղ մը ըլլար), բոլորն ալ օգտուեցան համաներումէն, ինչպէս նաեւ` մեր հասարակութեան ձուկի յիշողութենէն:
Եթէ իրական ոճրագործը տակաւին ազատութեան մէջ է եւ վստահաբար պիտի խուսափի իր ըրածին համար պատժուելէ, ուրեմն ի՞նչ իմաստ ունի քննադատելը Սամասթին դէմ արձակուած 22 տարուան ազատազրկման վճիռը:
Վերջերս աշխարհը սարսափեցաւ ի տես վայրագութեան եւ բարբարոսութեան, որ ցուցաբերեց ահաբեկիչ Անտերս Պեհրինկ Պրիվիք, որ ընդունեց Օսլոյի ականահարումին եւ Ութոյա կղզիին վրայ երիտասարդական ճամբարին մէջ կատաղի կրակոցին պատասխանատուութիւնը: Ան առանձի՞ն էր: Արդեօք իսկապէս կարելի՞ է այդ ծաւալով ահաբեկչութիւն իրականացնել առանձին: Ակնյայտօրէն` ոչ: Յուսալի է, որ անոր մեղսակիցները ճշդուին, ձերբակալուին, քանի մահացու ականահարումին եւ կատաղի կրակոցին շուրջը հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
Սակայն իրական յանցագործները, ինչպէս Հրանդ Տինքի սպանութեան պարագային, բնաւ գաղտնիք չէ եւ շատ հաւանաբար պիտի խուսափին եւ պիտի շարունակեն հրահրել, մղել ուրիշներ` աւելի ծանր յանցագործութեանց:
Ընդունինք, որ բացի անոնցմէ, որոնք հրահանգեցին Սամասթին սպաննելու Տինքը, կան ուրիշ մասնակիցներ ալ այս ոճիրին:
Կրնա՞յ ոեւէ մէկը ըսել, թէ անոնք, որոնք մշակեցին եւ վաւերացուցին քրէական օրէնսգիրքի վիճելի թիւ 301 յօդուածը, որ այսպիսի անորոշ եզրերով, թրքական արժանապատուութիւնը վիրաւորելը քրէական յանցանք կը նկատէ, պատասխանատու չեն Տինքի սպանութեան:
Կամ կրնա՞յ ոեւէ մէկը, ըսենք` Անժելա Մերքել, Նիքոլա Սարքոզի եւ ուրիշներ` եւրոպացի քաղաքական գործիչներէն, որոնք այլատեացութիւն, օտարատեացութիւն կը հրահրեն, պատասխանատու չըլլայ Նորվեկիոյ սպանութիւններուն:
Եթէ անոնք նային իրենց ձեռքերուն, պիտի տեսնեն հետքերը արիւնի, զոր հոսեցուց Պրեվնիք Օսլոյի եւ կղզեակին մէջ:
ՏԵՆՔԹԱՇ Կ՛ԱՊԱՔԻՆԻ
Հիւսիսային Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Ռաուֆ Տենքթաշի` Անգարայի զինուորական հիւանդանոցի իր անկողինին մէջ կատակելը տեսնելը շատ լաւ է: Մեր զրոյցին ընթացքին ան կը խնդար լաւատեսութեան վրայ անոնց, որոնք կը խօսին Կիպրոսի հարցի լուծումին մասին, այս տարեվերջին:
«Կը յուսամ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրնայ հաստատ մնալ 20 յուլիսի տօնակատարութիւններուն ատեն ըսածին վրայ», ըսաւ Տենքթաշ:
ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՆԼԸ
«Հիւրրիյէթ»