ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Միրքօ Վուքինիչ

ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը ի վերջոյ յաջողեցաւ իր կազմին միացնել Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող Միրքօ Վուքինիչը (Մոնթենեկրօ)` անոր փոխանցման համար վճարելով 15 միլիոն եւրօ:

Վուքինիչ, որ հինգ տարեշրջանէ ի վեր մաս կը կազմէ Ա. Էս. Ռոմայի, նախապէս դաշտ ներկայացած է նաեւ Լեչէի հետ:

Նշենք, որ Եուվէի նոր մարզիչն է Լուիճի Տել Ների:

ՌԷԱԼ ՍԱՐԱԿՈՍԱ յայտնեց, որ համաձայն գտնուեցաւ իր կազմին միացնել Պենֆիքայի մաս կազմող սպանացի բերդապահ Ռոպերթօ Խիմենես Կակոն: Անոր փոխանցման գումարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է եւ կը կարծուի, որ Պենֆիքա 8,6 միլիոն եւրօ գանձելով պիտի ծախէ իր 25 տարեկան բերդապահը:

Նշենք, որ Ռէալ Սարակոսա այժմ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:

Share this Article
CATEGORIES