ՃԱՏՐԱԿ. ՌՈՒՍԻՈՅ ՏՂՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՐԶԻՉԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Ռուսական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ տղոց ճատրակի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եւգենի Փարէեւ ներկայացուց իր հրաժարականը:
Նշենք, որ անոր կազմը վերջերս Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան ընթացքին գրաւեց 4-րդ դիրքը` առաջին անգամ ըլլալով դուրս գալով առաջին եռեակէն:
CATEGORIES Մարզական