ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ 11-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ. ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ 7-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Նախանցեալ օր, Տրապիզոնի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի երիտասարդներու Ողիմպիական ամառնային 11-րդ փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:
Մրցումներուն վերջին օրը հայրենի մարզիկները չյաջողեցան նոր մետալի մը տիրանալ:
Մարմնամարզիկներէն ամէնէն աւելի յաջող արդիւնքը արձանագրեց Արմէն Պետրոսեան, որ գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Լուղորդներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը յաջողեցաւ արձանագրել Դաւիթ Յունանեան, որ 100 մեթր կուրծքի լողի մրցումներուն գրաւեց 26-րդ դիրքը:
Երեք հեծելանւորդներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որ 70,8 քմ շրջանաձեւ մրցավազքին մէջ (11,8×6) գրաւեց 13-րդ դիրքը:
Այսպիսով, Հայաստանի 22 ներկայացուցիչներուն մէջ մետալ շահեցաւ միայն Վահագն Յովսէփեան (Ժիւտօ, 50 քկ):
CATEGORIES Մարզական