ՓԱՈՔ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԷՊՕՂՈՍԵԱՆՈՎ

Խոաքին Պօղոսեան

Աւստրիական մամուլին համաձայն, յունական ՓԱՈՔ ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է Ռետ Պուլ Սալզպուրկ (Աւստրիա) ակումբին մաս կազմող ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեանով:

Transfermarket.de կայքէջը կը յայտնէ, որ յունական ակումբը մտադիր է աւստրիական ակումբէն փոխ առնել Պօղոսեանը եւ ոչ թէ պաշտօնապէս իր կազմին միացնել հայազգի ֆութպոլիստը` պաշտօնապէս անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելով:

Ցարդ աւստրիական կողմէն այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուած է:

Share this Article
CATEGORIES