ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՆԱԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵՒ ԱՆՑԱՒ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Եւրոպայի պատանիներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Գ. խմբակի մրցումները աւարտեցան Մակեդոնիոյ մէջ, երբ տեղի ունեցան 5-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
Հայաստանի հաւաքականը, իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելէ եւ 81-63 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Զուիցերիան, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, ինչ որ աննախընթաց արդիւնք մը կարելի է նկատել հայկական պասքեթպոլի պատմութեան մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան 8 կէտով գրաւեց 2-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը գրաւեց Հունգարիա, որ իր կատարած հինգ մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց:
Զուիցերիան պարտութեան մատնելէ բացի, Հայաստան յաղթեց նաեւ Սլովաքիոյ եւ Այիրի, մինչ պարտուեցաւ Շուէտէն եւ Հունգարիայէն:
Յաջորդ հանգրուանին, Զ. խմբակին մաս կազմելով, Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Պոսնիա եւ Իսրայէլ (Հունգարիա եւս թէեւ այս խմբակին մէջ է, սակայն անոր հետ Հայաստան մրցում պիտի չկատարէ):
Ստորեւ` Գ. խմբակին վերջնական դասաւորումը.
———————Յ. Պ. ԿԷՏ ՆՇ. ՍՏ.
1.- Հունգարիա 5 0 10 361 269
2.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3 2 8 365 337
3.- Զուիցերիա 3 2 8 350 317
4.- Շուէտ 3 2 8 409 389
5.- Այիր 1 4 6 266 339
6.- Սլովաքիա 0 5 5 293 393