ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ Կ՛ԱՒԵԼՆԱՅ

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 13 օգոստոսին Երեւանի մէջ պիտի սկսին Համահայկական 5-րդ խաղերը: Այս տարի մասնակցողներուն թիւը նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատէ այս խաղերուն համար` նկատի ունենալով, որ 1 օգոստոսի դրութեամբ Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէին դիմում ներկայացուցած են 115 քաղաքներու 2008 մարզիկներ:

Համահայկական խաղերու մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ մինչեւ այդ խաղերուն ազդանշանը տրուիլը, անկասկած այլ դիմումներ ալ պիտի ներկայացուին:

Այժմ, մեծ աշխատանք կը տարուի Ռուսիոյ հայկական համայնքներու ղեկավարներուն հետ, որպէսզի Ռուսիայէն աւելի շատ մարզիկներ մասնակցին այս խաղերուն:

Նշենք, որ Համահայկական 5-րդ խաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 օգոստոսին, ժամը 21:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով), Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, իսկ փակման հանդիսութիւնը` 21 օգոստոսին (նոյն ժամուն), Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES