ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ ՋԱՀԸ ՎԱՌԵԼՈՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է, 13-21 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան համահայկական 5-րդ խաղերը:
Երէկ, Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաղերուն ջահը վառելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏԻՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՎԱՌԵՑԱՒ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՋԱՀԸ
Երէկ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Համահայկական 5-րդ խաղերուն ջահը վառելու հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր մենք կը մասնակցինք չափազանց կարեւոր եւ խորհրդանշական արարողութեան մը: Ասիկա բնականաբար պատահական չէ: Վերջին քսան տարիներուն Արցախը հանդիսացած է համայն հայութեան համախմբման խորհրդանիշ: Այսպիսի միջոցառումները նոյնպէս կը հանդիսանան Հայաստան – Արցախ – սփիւռք կուռ եւ անսասան եռամիասնութեան վկայութիւնը: Ատկէ մեկնելով, մենք կարեւոր կը նկատենք Համահայկական խաղերուն դերը: Յաղթական ոգին պէտք է միշտ ամուր ըլլայ իւրաքանչիւր հայու մօտ եւ մեզի ուղեկցի` մեր անխախտ ճանապարհին հետ: Այս խաղերուն աշխարհի տարբեր քաղաքներու հաւաքական խումբերուն հետ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ արցախցի շուրջ 100 մարզիկներ: Անոնք քրտնաջան աշխատած են եւ պատրաստ են արժանիօրէն մասնակցելու եւ պայքարելու` մրցանակային դիրքերու համար: Մենք, Արցախի մէջ մեծ ուշադրութեամբ պիտի հետեւինք մեր մարզիկներուն կատարելիք բոլոր մրցումներուն: Համահայկական 5-րդ խաղերուն բոլոր մասնակցողներուն կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք: Թող այս խաղերը նոր ուժ եւ եռանդ հաղորդեն ձեզի եւ դառնան աւելի մեծ յաղթանակներու սկիզբը»:
Այս արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն ժամանած բազմաթիւ հիւրեր:
Նշենք, որ Համահայկական 5-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 13-21 օգոստոսին: