ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏՇԱՃ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱԿԱԶԴԵԼՈՒ

Վիթալի Չուրքին

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ «Մոսկուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ կացութեան զարգացումներուն շուրջ ունենալու հակազդեցութիւն մը, որ կը նպաստէ տագնապի լուծման եւ ոչ թէ բարդացման»:

Չուրքին Սուրիոյ կացութեան շուրջ Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ խորհրդակցութենէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «եթէ Ապահովութեան խորհուրդի անդամները այս հարցը լուծեն հասարակաց կեցուածքի մը հասնելու ուղղութեամբ ջանքեր թափելով, ապա վաղը (այսօր) անոր դրական արդիւնքը պիտի ստանայ»:

Նշենք, որ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ, ըստ իր ստացած տեղեկութեանց, Մոսկուա այլեւս պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւն մը կամ որոշում մը քննարկելու:

Միւս կողմէ, Իտալիա տուն կանչեց Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց իր օրինակին հետեւելու: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սթեֆանիա Քրաքսի յայտնեց, որ դեսպանը խորհրդակցութեանց համար տուն կանչելու քայլին նպատակը «սուրիական վարչակարգին կիրարկած ճնշումներուն ամբողջական մերժումի ուժեղ նշան մը տալն է»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի բանբեր Մայքըլ Ման յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ներկայիս Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը տուն պիտի չկանչէ, եւ հերքեց, թէ միութիւնը Դամասկոսի մէջ իր անդամ երկիրներու դեսպանները տուն կանչելու որոշում մը տուած է:

Մինչ այդ, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ զինեալներ Համայի մէջ արդարադատութեան պալատը հրկիզած են:

 

Share this Article
CATEGORIES