ԵԴԻԳԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՕԹԱՆ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՕԳՆԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՕԹԱՆ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Արմէն Եդիգարեան 1 օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած օգնական, Հանրային դիւանագիտութեան ստորաբաժանման ղեկավար Քոլինտա Կրապար – Քիթարովիչի հետ:

Հանդիպման սկիզբը Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարը շնորհաւորեց Կրապար – Քիթասովիչը իր նոր պաշտօնին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքային նոր մարզին մէջ:

Արմէն Եդիգարեան եւ Քոլինտա Կրապար-Քիթարովիչ քննարկեցին հանրային դիւանագիտութեան մարզին մէջ ՕԹԱն-Հայաստան համագործակցութեան զարգացումը, որուն նպատակն է առաւել լայն տեղեկատուութիւն տրամադրել ՕԹԱՆ-ի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան վերաբերեալ եւ բարձրացնել հանրային իրազեկումը` Հայաստանի պաշտպանական եւ անվտանգութեան մարզերուն բարեփոխումներուն աջակցելու, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ ղեկավարուող առաքելութիւններուն մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութիւնը լուսաբանելու նպատակով:

Նշուեցաւ, որ այդ հոլովոյթին կը նպաստեն 2007-էն Հայաստանի մէջ սկսած տարեկան «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» նախաձեռնութիւնները եւ արդէն չորս տարիէ ի վեր Երեւանի մէջ գործող ՕԹԱՆ-ի տեղեկատուական կեդրոնը:

Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարը հրաւիրեց Կրապար-Քիթարովիչը այս տարուան աշնան այցելելու Հայաստան` «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» հերթական տարեկան ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES