«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱՍՑՆԷ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵԹԻՈՒ ՊՐԱՅԶԱ

Մեթիու Պրայզա

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա «ՍալամՆիուզ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ բարձրագոյն մակարդակով կը մասնակցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին:

«Նախագահ Պարաք Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շահագրգռուած են ղարաբաղեան տագնապին լուծումով», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը որոշեց 2012-ին նիւթական օժանդակութիւն չցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղին», ամերիկացի դիւանագէտը ըսած է. «Այս հարցերը կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին իրաւասութեան տակ, այդ պատճառով ալ չեմ կրնար մեկնաբանել զանոնք»:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման հոլովոյթին մէջ Իրանի` իբրեւ միջնորդ հանդէս գալու կարելիութեան վերաբերեալ շրջանառուող լուրերուն` Պրայզա ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ որոշ արդիւնքներու հասած է:

«Մեր կարծիքով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը գործէ շատ բնական կերպով եւ արդէն կ՛աշխատի շրջանակային համաձայնագիրին վրայ: Տագնապի լուծման հոլովոյթը պէտք է իր աւարտին հասցնէ Մինսքի խմբակը», ըսած է Մեթիու Պրայզա:

 

Share this Article
CATEGORIES