ՓԱԼՈՆ ԱՐՑԱԽԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉՅԱՏԿԱՑՆԵԼՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Ֆրանք Փալոն

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն երկուշաբթի օր նամակ ուղարկած է քոնկրեսի նիւթական օժանդակութեան տրամադրման հարցերով յանձնախումբի նախագահ Հարըլտ Ռոճըրզին եւ Պետական արտաքին օժանդակութեան եւ համապատասխան ծրագիրներու իրականացման համար պատասխանատու ենթայանձնախումբի նախագահ Քէյ Կրէյնճըրզին` յայտնելով իր մտահոգութիւնները ենթայանձնախումբին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին մարդասիրական օժանդակութիւն եւ երկրի զարգացման ուղղուած օժանդակութիւն չտրամադրելու վերաբերեալ:

«1988-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուցած է նիւթական միջոցներ` մարդասիրական եւ այլ ծրագիրներու իրականացման համար: Լեռնային Ղարաբաղին 2012 ելեւմտական տարուան ծիրին մէջ օժանդակութիւն չտրամադրելու վերաբերեալ որոշումը յանձնախումբի ե՛ւ դեմոկրատական ե՛ւ հանրապետական ներկայացուցիչներուն կողմէ կոպիտ խախտում է», ընդգծած է Ֆրանք Փալոն:

 

Share this Article
CATEGORIES