ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
– Հրատարակած է ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի կոչը` Ընկերային-տնտեսական խորհուրդի կազմութեան փութացման գծով:
Նոյն լուրին անդրադարձած են գրեթէ բոլոր լիբանանեան թերթերը:
– Թերթը վերլուծական թէ տեղեկատուական յօդուածներով անդրադարձած է Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն:
– Տպած է հիւսիսային Լիբանանի Տըննիէ գաւառի Հաուարա գիւղաքաղաքի թաղապետ Թոնի Մուսայի պատասխան հակազդեցութիւնը Թուրքիոյ դեսպանի այն յայտարարութեան, թէ Հաուարա գիւղաքաղաքը թրքական ծագում ունի:
– Դարձեալ վերլուծական եւ տեղեկատուական յօդուածներով կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քաղաքական կացութեան, ինչպէս` դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինի ստորագրութիւնը կրող «Թուրքիա. Առաջին հանրապետութեան աւարտը» խորագրեալ վերլուծական յօդուածը:
– «Լուսնի լոյսին տակ» խորագրեալ տեղեկատուական կարճ լուրով կ՛անդրադառնայ «Սաֆատի» հաստատութեան նախաձեռնած Ռամատանի երրորդ փառատօնին: Ի միջի այլոց թերթը կը նշէ նաեւ, որ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի ղեկավարութեամբ «Ֆայհա» երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենայ նշեալ փառատօնին ծիրին մէջ, յառաջիկայ 18 օգոստոսին:
– Թարգմանաբար ֆրանսական լրատու գործակալութենէն (ԱՖՓ), կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան (հաւանական) անդամակցութեան ապահովական անպատեհութեանց:
– Նմանապէս կը կեդրոնանայ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քաղաքական վիճակի վերջին զարգացումներուն վրայ:
– Անգլիատառ այս շաբաթաթերթը եւս կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կացութեան:
– Թուրքիոյ գծով կը հրատարակէ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց բնականոնացման Էրտողանի պայմանները:
– Այլ յօդուածով մը կը հրատարակէ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան խորհուրդի անդամ Մոհամետ Սամմաքի անդրադարձ-յօդուածը` «Նիկիայէն Քորտոպա» խորագիրով: Իզնիք կոչուող նախկին Նիկիա քաղաքի մասին իր տպաւորութեանց մէջ Սամմաք կը խօսի նաեւ հայերուն եւ ասորիներուն մասին:
– Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մասին իր անջատ անդրադարձներուն կողքին, կարճ յօդուածով մը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Թուրքիոյ նոր նշանակուած (ու վաղը` հինգշաբթի վաւերացուելիք) սպայակոյտի պետ զօր. Նեժտեթ Էօզալը:
Յօդուածը կը կրէ Էռնեսթ Խուրիի ստորագրութիւնը: