24 ԺԱՄ ՉԱՆՑԱԾ ՈՒԱԶԶԱՆԻԻ ԽԱԽՏՈՒՄԻ ԴԷՊՔԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ՀԱՐԱՒԻ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ

Իսրայէլեան բանակի 10 զինուորներէ բաղկացած ջոկատ մը երէկ կէսօրին դարձեալ 30 մեթր դէպի Մէյս Ժապալի Քրում Շարըքա շրջանը ներխուժեց: Ուազզանիի դէպքէն 24 ժամ չանցած կատարուած իսրայէլեան այս խախտումը վերստին լարուած մթնոլորտ ստեղծեց շրջանին մէջ` զօրաշարժի մատնելով պատկան կողմերու պատասխանատուները:

Ձիթենիի շրջակայ պարտէզներուն մէջ կէս ժամ տեւած խուզարկութիւններէ ետք իսրայէլեան ջոկատը դուրս եկաւ լիբանանեան գիւղաքաղաքէն:

Այս եւ զայն կանխած Ուազզանիի երկուշաբթիի դէպքը առանցքը կազմեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզի յայտարարութեան, որ խստիւ դատապարտեց դէպքը` զգուշացնելով անոր անբաղձալի հետեւանքներէն:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց իսրայէլեան խախտումը` մաղթելով, որ յառաջիկայ օրերը ըլլան հանդիպումի եւ լաւատեսութեան խրախուսիչ առիթներ:

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան վաղը (այսօր) պաշտօնապէս բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ին:

Աւելի ուշ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն բանբերը հերքեց, թէ Իսրայէլ կրկին խախտում կատարած է` պատահածը վերագրելով իսրայէլեան ընթացիկ  խուզարկութեան արարքի` սահմանային ցանկապատի թեքնիք սարքաւորումներու քննութեան ծիրին մէջ:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց Մէյս Ժապալի նոր խախտումը` նշելով, որ ասիկա անակնկալ չէ` նկատի ունենալով Իսրայէլի թշնամական կեցուածքը:

«Իսրայէլի նպատակն է տիրապետող ըլլալ շրջանին մէջ եւ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ շահեր ունեցող պետութիւնները փոխարինող ուժ», շարունակեց զօր. Աուն` ընդգծելով, որ նման թշնամական արարքները կարելի է յաղթահարել «բանակ-ժողովուրդ- Դիմադրութիւն» եռեակ տարազի միացեալ ուժով:

 

Share this Article
CATEGORIES