ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏԸ ԵՒ ՊԱՅՏՈՒՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆ
Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննակուեցան օրուան հրատապ թէ առկախ մնացած հարցերը: Կառավարութեան այս նիստը կու գայ խորհրդարանի օրէնսդրական ընդհանուր ժողովի նախօրեակին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի վճռել կարգ մը առկախ հարցերու օրէնսդրական ելքը:
Կառավարութեան այս նիստը նաեւ տեղի կ՛ունենայ նախագահ Սլէյմանի դէպի իր ամառնային նստավայրը` Պէյթէտտինի պալատ մեկնումի նախօրեակին:
Կառավարութեան երէկուան նիստին տրուած հիմնական որոշումներէն կը նկատուի Ղասսան Պայտունի նշանակումը` իբրեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան շահարկումի մարզի ընդհանուր տնօրէն:
Նմանապէս, կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ ամբողջացնելու Ելեկտրականութեան ընկերութեան թափուր պաշտօններուն նշանակումները:
Նաեւ որոշուեցաւ նախագահ Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երրորդ տարեդարձին առիթով դրոշմաթուղթեր հրապարակել:
Ժողովականները այս առիթով տեղեակ պահուեցան նաեւ լիբանանեան ծովային սահմաններու ճշդումին գծով պատկան մարմնի պատրաստած տեղեկագիրէն:


