50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

«ՍՊԻՏԱԿ ՋԱՐԴ»Ի ՎՏԱՆԳԸ
ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԷՋ

Թեհրանի ազգային դպրոցներու նոր հոգաբարձութիւնները գործի սկսած են նախապատրաստելու համար նոր ուսումնական տարեշրջանը:

Այս առիթով, Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը յիշեցնէ հետեւեալ կէտերը, զորս նկատի պէտք է ունենան հոգաբարձութիւնները.

1.- Հայապահպանում, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային մթնոլորտի ստեղծում` հայոց դպրոցներու մէջ, «դիմագրաւելու համար Սպիտակ ջարդի վտանգը, որ չոքել է նաեւ մեր գաղութի դրանը եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի սպառնական է դառնում»:

2.- Հայ դպրոցին վճռական եւ անփոխարինելի դերը` պայքարելու համար ուծացման եւ ապազգայնացման դէմ:

3.- Ուսուցիչին դերը` իբրեւ կրողը ազգային դաստիարակութեան:

4.- Հայեցի կրթութեան առաջնութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը:

ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԱՄԵՆԱՀԻՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեգործական ընկերութիւնը կը նկատուի իրանահայութեան ամէնէն հին կազմակերպութիւնը` հիմնուած ըլլալով 1892 թուին: Իր գոյութեան 70 տարիներուն ընթացքին ընկերութիւնը մեծ դեր կատարած է ջուղայահայ կեանքին մէջ ու այսօր ալ իր խնամքին տակ կը գտնուին ազգային երկու որբանոցները` ունենալով նաեւ օժանդակ մարմիններ:

Ընկերութիւնը վերջերս մասնաւոր հոգեհանգիստ կատարել տուած է որբանոցներու բարերարներու յիշատակին: Քարոզած է առաջնորդական փոխանորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան:

33 ՀԱՅԵՐ ՅԱՋՈՂԱԾ ԵՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ
ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

Սուրիոյ մէջ յայտարարուած են պետական պաքալորէայի քննութեանց արդիւնքները: Հալէպէն յաջողած են 33 հայ աղջիկներ եւ մանչեր: Իսկ Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանը, ինչպէս պրըվէի մէջ, նաեւ պաքալորէայի քննութեանց մէջ արձանագրած է բացառիկ յաջողութիւն. ներկայացող 17 ուսանողներէն 14-ը յաջողած են:

Սեդա Ասլանեան, Նուրիձա Փալանճեան, Սոնա Ինճէեան, Ֆիմի Տ. Յակոբեան, Գեղամ Կանանեան, Կարապետ Թագւորեան, Լորիս Մալոյեան, Համբարձում Գրգարեան, Սարգիս Առաքելեան, Դաւիթ Պետիկեան, Կարապետ Պորոյեան, Յարութիւն Ճենանեան, Արտաւազդ Գասպարեան, Կարպիս Գոճանեան:

Share this Article
CATEGORIES