ՄԻՆՉԵՒ 30 ՄԱՅԻՍ 2012 ԱՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ` ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻ
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ մինչեւ 30 մայիս 2012 ֆետերասիոնը պիտի մնայ առանց նախագահի` նկատի ունենալով, որ կախակայուած Մոհամետ Պըն Համմամի յաջորդը պիտի ընտրուի այդ թուականին:
ՖԻՖԱ-ին կողմէ կախակայուած նախագահը` 62 տարեկան քաթարցի Պըն Համմամ, ըսաւ, որ իր հրաժարականը պիտի չներկայացնէ, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ նոր նախագահի ընտրութիւն կատարելու:
Ըստ օրէնքի, պէտք է սպասել մէկ տարի նոր ընտրութիւններ կատարելու համար` նկատի ունենալով, որ Պըն Համմամ ՖԻՖԱ-ին կողմէ կախակայուեցաւ 29 մայիսին:
Նշենք, որ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին այժմու գործող նախագահն է Զհանկ Ժիլոնկ (Չինաստան):
CATEGORIES Մարզական


