ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՅՍՕՐ` ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ – ԱՐՍԵՆԱԼ
Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով այսօր տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը:
Հակառակ անոր որ վերջերս մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը ձախող արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, սակայն ատիկա տեղի կ՛ունենայ անոր դաշտէն դուրս:
Նշենք, որ ութ խումբերէն Ռիտինկ միակն ըլլալով բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն չէ. անիկա մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Ստորեւ կու տանք քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Պիրմինկհեմ – Պոլթըն 14:45
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ 19:15
ՎԱՂԸ
Սթոք Սիթի – Ուեսթ Համ 16:00
Մանչեսթըր Սիթի – Ռիտինկ 18:45
CATEGORIES Մարզական