ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ – ՊԵԺԺԷ` 66 – 88
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ- էյթի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը հիւրընկալեց Պեժժէն:
Պեժժէ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկուան այս ճակատումին անգամ մը եւս յաղթեց 88-66 արդիւնքով:
Այսպիսով, երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք երրորդ եւ վերջին մրցումը պիտի չկատարուի, որովհետեւ մրցակից կազմը 2 – 0 արդիւնքով յաղթանակով ապահովեց ֆայնըլ ֆորի մրցումին իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական