50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 14 ՄԱՐՏ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Հակառակ արժէքաւոր տարրերու գոյութեան` համախումբ աշխատանքի մը նպաստը զլացուած է սփիւռքին: Ոչ միայն գաղութէ գաղութ կապը թոյլ եղած է ցարդ ու կը շարունակէ թոյլ մնալ, այլ նաեւ նոյն գաղութին մէջ յաճախ ականատես կ՛ըլլանք ուժերու անիմաստ վատնումի մը` հետեւանք համակարգուած ճիգերու բացակայութեան:

Եթէ նկատի ունենանք պայմաններու թոյլտուութիւնը հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ եւ հիւրընկալ երկիրներու բարեացակամութիւնը, մեր կատարած գործին տարողութիւնը համապատասխան չեն գտներ այդ պայմաններուն:

Խօսելու համար օրինակներով, առաջին հերթին յիշենք Համազգայինի թատերասէրները: Տասնամեակներէ ի վեր խումբ մը խանդավառ երիտասարդ բոլորուած են այս միութեան շուրջ եւ գիշերը ցերեկին կը խառնեն` վառ պահելու համար թատրոնի սէրը մեր գաղութին մէջ:

Ներկայ կ՛ըլլանք իրենց ներկայացումներուն, հոգեկան վայելքի պահեր կ՛ապրինք, կը գնահատենք ու կը ծափահարենք, ու միայն այդքան: Մեր գնահատանքը այդ սահմաններէն անդին չ՛անցնիր: Հետաքրքրուած ունի՞նք, թէ ի՛նչ զոհողութիւններով յառաջ կը տարուի գործը, ի՞նչ են այդ խումբին ակնկալութիւնները մեր գաղութէն, ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի կարելիի սահմաններուն մէջ օժանդակենք այդ տղոց: Չենք հետաքրքրուած ու այսօր ալ` նոյն անտարբերութիւնը:

Մինչդեռ, դոյզն հետաքրքրութիւնն իսկ ցոյց պիտի տար, թէ առաջին առիթով Համազգայինի թատերասէրները պէտք ունին սրահի մը, ուր ոչ միայն կարողանան իրենց ներկայացումները սարքել, այլ նաեւ` կատարել իրենց փորձերը:

Թատրոնը, ինչպէս շեշտեց վերջերս տաղանդաւոր գրագէտ Նշան Պէշիկթաշլեան, եկեղեցիին ու դպրոցին հետ, պէտք է կազմէ այն ներդաշնակ երրորդութիւնը, որ անհրաժեշտ է հայապահպանման կենսական պայքարին համար: Հակառակը պնդող մը կարելի չէ գտնել: Ընդհանրապէս այդպէս եղած է մեր կեանքին մէջ, երբ սկզբունքներու մասին է խօսքը: Բայց երբ գործնական քայլեր կ՛ակնկալուին, ամէն ոք կ՛ապաստանի շինծու եւ արուեստակեալ պատճառաբանութիւններու ետին` իր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը զլանալու համար:

Հիմա կ՛իմանանք, թէ Համազգայինի թատերասէրներ պատրաստելու վրայ են Շիրվանզադէի «Քաոսը», որ թատերգութեան վերածուած է խումբին անխոնջ դերուսոյցին կողմէ: Վստահ ենք, որ թատերասէրները իւրայատուկ բծախնդրութեամբ պիտի մօտենան գործին եւ նոր յաջողութիւն մը պիտի արձանագրեն: Դարձեալ պիտի լեցնենք թատերասրահը, պիտի գնահատենք ու ծափահարենք ու քանի մը օր ալ պիտի խօսինք ու յետո՞յ…

Երբեք մտածա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է աւելի ամուր հիմերու վրայ դնել թատերասէրներու գործը: Քաջալերա՞ծ ենք մեր անմիջական շրջապատը` նոր ուժերով զօրացնելու զայն: Որովհետեւ պահանջելը չի բաւեր, մանաւանդ` մեր պայմաններուն մէջ, երբ բոլորին գործակցութիւնը անհրաժեշտ է: Մեր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ դրական: Ու ատոր համար երկու ճամբայ գոյութիւն չունի: Միակ միջոցը երիտասարդ կարող ուժերը հաւաքելն է այս գործին շուրջ, որ որքան խնդրոյ առարկայ միութեան պարտականութիւնն է, պարտականութիւնն է նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան, որ կը սիրէ թատրոնը եւ կը գիտակցի անոր դերին:

Նոյն ատեն, ինչպէս շեշտեցինք, սրահ մը պէտք է այս միութեան: Թէ ո՞ւր կ՛ըլլայ այդ սրահը` այդ կարեւոր չէ: Բայց կարեւորն այն է, որ Համազգայինի թատերասէրներ առանձին չեն կրնար իրագործել այս գործը: Անհրաժեշտ է մեր մշակութային եւ այլ հաստատութիւններու գործակցութիւնը` մեր գաղութին համրանքին ու որակին համապատասխան արժանավայել սրահ մը ունենալու համար:

Նախաձեռնողը սակայն պէտք է ըլլան իրենք` թատերասէրները, իրենց շուրջ բոլորելու համար գաղութին բոլոր բարեացակամ տարրերը եւ հայութեան մշակութային արժէքներուն պահպանման նախանձախնդիր հաստատութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES