ՔԻՔ- ՊՈՔՍԻՆԿ. ՎԱՐԴԱՆ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՌՈՒՊԵՆ ԱԼՄԷՅՏԱՅԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ

Վարդան Մնացականեան

Յառաջիկայ 13 օգոստոսին սպանական Պենիտորմ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վարդան Մնացականեան (Հայաստան) – Ռուպեն Ալմէյտա (Փորթուգալ) քիք-պոքսինկի ճակատումը:

Թէեւ Մնացականեան բնակութիւն հաստատած է Սպանիոյ մէջ եւ հոն ալ կը մարզուի, սակայն կը ներկայացնէ Հայաստանը: Նշենք, որ անոր մրցակիցը Փորթուգալի եռեակի ախոյեան է:

Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Մնացականեան ըսաւ, որ ինք իր մարզիչին` Ռիքարտօ Փենավենտի հետ օրական երկու անգամ փորձ կը կատարէ` լաւապէս պատրաստուելու համար այս ճակատումին:

Ան կ՛ըսէ, որ թէեւ իր մրցակիցը բարձրահասակ ըլլալուն պատճառով կրնայ յաւելեալ առաւելութիւն ունենալ իր վրայ, սակայն ինք պիտի փորձէ ոչ մէկ առիթ տալ իր մրցակիցին, որպէսզի զինք նեղ կացութեան մատնէ այս ճակատումին:

Նշենք, որ Մնացականեան յառաջիկայ 12 նոյեմբերին WFCA ախոյեանութեան գօտիին տիրանալու համար ճակատում մը պիտի ունենայ երկու անգամ Սպանիոյ ախոյեան, մէկ անգամ Եւրոպայի եւ մէկ անգամ ալ աշխարհի փոխախոյեան հանդիսացած Փետրօ Ֆիլիփէի հետ: 63,5 քկ դասակարգի այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ սպանական Փարաքալտօ քաղաքին մէջ (5 ռաունտ, իւրաքանչիւր` երեքական վայրկեան):

 

Share this Article
CATEGORIES