ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ 17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ 20-26 օգոստոսին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ:

Այս հաւաքին ծիրին մէջ, հայրենի կազմը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում` Ռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, որոնք իրենց կարգին այդ ժամանակամիջոցին ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարեն Երեւանի մէջ:

Այդ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ` 24 եւ 26 օգոստոսին, ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

 

Share this Article
CATEGORIES