ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ԻՐ ԿՇԻՌՔԸ

Արթուր Աբրահամ

Հայրենի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ հետզհետէ կը նուազեցնէ իր կշիռքը (մարզական սննդագէտի օգնութեամբ)` միջին դասակարգ անցնելու նպատակով:

Անոր մամլոյ քարտուղարութիւնը մէջբերելով անոր խօսքերը նշեց. «Ներկայիս 76,2 քմ եմ: Յաջորդ մրցումին պիտի մասնակցիմ 75 քկ դասակարգի մրցումներուն ապա յաջորդաբար` 74 եւ 72,5»:

Աբրահամ մտադիր է մօտիկ ապագային կատարել 2-3 մրցումներ, որոնցմէ ետք վերստին աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու մրցում կատարել:

Ան կը մտադրէ իր առաջին մրցումը կատարել 5 նոյեմբերին: Մրցակիցին անունը ցարդ կը մնայ անորոշ:

Share this Article
CATEGORIES