ԼԵՒՈՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ 7 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԵՐԵՒԱՆ

Լեւոն Հայրապետեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ձախ յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին պիտի ժամանէ Երեւան` պատրաստուելու համար յառաջիկայ 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

Սկզբունքով ան ուղղակիօրէն Լեհաստանէն պիտի մեկնէր Քաունաս (Լիթուանիա), ուր տեղի պիտի ունենայ այս բարեկամական մրցումը:

Սակայն, անոր ակումբին` Լեկիայի (Լեհաստան) պատասխանատուները ըսին, որ 6 օգոստոսին Եաքելոնիայի դէմ տեղի ունենալիք (Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւն, 2-րդ հանգրուան) մրցումէն անմիջապէս ետք ան պիտի մեկնի Երեւան` միանալու իր խմբակիցներուն:

Նշենք, որ ներկայիս Եաքելոնիայի հետ անհատական փորձեր կը կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան:

Share this Article
CATEGORIES