ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՈՀԱՐԵԱՆ ՏՈՒՊԼԷ ՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵՑ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, լոքոմոթիւ-2 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր մրցակից Սեւերը: Յաղթական խումբին մաս կը կազմէ հայրենի ֆութպոլիստ Յովհաննէս Գոհարեան:

Գոհարեան, որ այս մրցումին իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին երբ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ:

Ան յաջողեցաւ իր կազմին յաղթանակ եւ երեք կէտ ապահովել, երբ նշանակեց երկու կոլ:

Share this Article
CATEGORIES