«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ՕԼԻՄՓԻԱՔՈՍ ՎՈԼՈՒ – ՏԻՖԵՐՏԱՆԺ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 4 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատագրական ճակատումներ` նկատի ունենալով, որ այդ արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան յաջորդ խումբերուն անունները:
Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Օլիմփիաքոս Վոլու (Յունաստան) – Տիֆերտանժ (Լիւքսամպուրկ) մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Հայաստանէն: Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Արման Ամիրխանեան, իսկ կողմի իրաւարարները` Արթուր Մուրատեան եւ Արման Ղուշչեան: Չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Սուրէն Պալիեան:
CATEGORIES Մարզական