ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ
«Ֆայնենշըլ Թայմզ Տէօչլանտ» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ Փարիզ եւ Պերլին մտադիր են միացեալ նաւատորմիղ մը ստեղծելու:
Պարբերաթերթը կը նշէ, որ բանակցութիւններուն մէջ արդէն ներգրաւուած են ֆրանսական «Տէ.Սէ.Էն.Էս.»ը եւ գերմանական «ԹայսընՔրուփ» ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն կառավարութիւնները:
Ըստ տեղեկութեանց, Ֆրանսա շատոնց կը ձգտի երկու երկիրներուն ծովուժերը միաւորել, ինչի շուրջ նախագահ Նիքոլա Սարքոզին բազմաթիւ անգամներ բանակցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:
Միացեալ նաւատորմիղի ստեղծումէն ետք Ֆրանսայի առաջնահերթութիւնը նաւերու մշակումն ու արտադրութիւնը պիտի ըլլայ, իսկ Գերմանիայինը` սուզանաւերու արտադրութիւնը:
Երկու երկիրներու իշխանութիւնները հրաժարած են մեկնաբանել այս ծրագիրին շուրջ տեղեկատուութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային