ԹՈՒՐՔ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ՓԱԿՈՒԱԾ Է
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ քիւրտերը Թուրքիոյ մէջ իրանեան իշխանութիւններուն դէմ զանգուածային բողոքի ցոյց կազմակերպած են:
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ բողոքի ցոյցը կատարուած է Իրանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Հաքքիարի նահանգի Եիւքսեք Օվա շրջանին մէջ գտնուող Էսենտերէ սահմանային կէտին մօտ:
Ցոյցին մասնակիցները Թեհրանէն պահանջած են անյապաղ դադրեցնել ՔԱԿ-ի իրանեան թեւը եղող Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան (ՔԱԿԿ) դէմ շղթայազերծուած լայնածաւալ գործողութիւնը: Ցուցարարները մինչեւ իսկ փորձած են մուտք գործել Իրան, սակայն թուրք եւ իրանցի սահմանապահները փակած են սահմանային կէտը:
Քիւրտերը յայտարարած են, որ պիտի շարունակեն բողոքի ցոյցեր կազմակերպել, այնքան ատեն որ իրանեան բանակը տակաւին չէ դադրեցուցած գործողութիւնները:
Յիշեցնենք, որ իրանեան բանակը 16 յուլիսէն ի վեր ՔԱԿԿ-ի դէմ Իրաքի հետ սահմանին վրայ լայնածաւալ գործողութիւն կը կատարէ: Իսկ շուրջ երկու շաբաթ առաջ իրանեան բանակը մինչեւ իսկ Իրաք մուտք գործելով յառաջացած էր չորս քիլոմեթր: