ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՌՈՒՍ-ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅ ԿԸ ՄՂԵՆ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «արաբական յեղափոխութիւնները արաբական երկիրներուն հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները դէպի փայլուն ապագայ կը մղեն»:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի ղեկավար Սերկէյ Ֆիրշինին յայտնած է, որ արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնները Ռուսիոյ հետ արաբներուն յարաբերութիւնները պիտի չվատթարացնեն, «այլ ընդհակառակն` այդ յարաբերութիւնները դէպի փայլուն ապագայ պիտի մղեն»:

Ան նշած է, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ այժմու փոփոխութիւնները Ռուսիոյ եւ արաբական երկիրներուն պիտի օգնեն յաւելեալ փոխհասկացողութիւն գոյացնելու:

Ֆիրշինին արաբական յեղափոխութիւնները վերագրեց ներքին ընկերային-քաղաքական կացութեան զարգացումներուն` նշելով, որ ինք «դաւադրութեան տեսութեան չի հաւատար»: Ան յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ ներկայ հանգրուանին տեղի ունեցող փոփոխութիւնները գնահատելը դժուար է` աւելցնելով, որ արաբական աշխարհին մէջ փոփոխութեանց հոլովոյթը տակաւին երկար պիտի տեւէ եւ իր աւարտէն հեռու է:

 

Share this Article
CATEGORIES