ՄՈՒՊԱՐԱՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ
Երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 10:00-ին Գահիրէի ոստիկանական ակադեմիային մէջ ընթացք առաւ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի եւ անոր զաւակներուն` Ալայի եւ Ժամալի պատմական դատավարութիւնը:
Մուպարաք դատավարութեան ներկայ էր ճաղերուն ետին եւ հիւանդներու յատուկ շարժական անկողինի մը վրայ, սակայն անոր ուշքը տեղն էր: Անոր անկողինին քով ոտքի կանգնած էին իր զաւակները: Ճաղերուն ետին էր նաեւ ներքին գործոց նախկին նախարար Հապիպ Ատելին եւ 6 բարձրաստիճան օգնականներ:
Ընդհանուր դատախազը Մուպարաքը ամբաստանեց «դիտաւորեալ սպանութեան» եւ ելեւմտական «փտածութեան» յանցանքներով, իսկ անոր զաւակները` միայն փտածութեամբ: Մուպարաք եւ իր զաւակները մերժեցին իրենց ուղղուած ամբաստանութիւնները:
Դատաւորը որոշեց դատավարութիւնը յետաձգել 15 օգոստոսին: Մուպարաք իր դատավարութեան ընթացքին պիտի մնայ Միջազգային բժշկական կեդրոնին մէջ: